Рубрика: 2022-2023 ուստարի, Մայրենի, Արևմտահայերեն

Անխելք մարդը

Ժամանակին աղքատ մարդ մը կար. որքան կ’աշխատէր, որքան կը չարչարուէր,
նորէն ալ նոյն աղքատը կը մնար: Յուսահատ, օր մը որոշեց երթալ Աստուծոյ մօտ եւ
հասկնալ, թէ ե՞րբ այս աղքատութենէն պիտի ազատէր, եւ ինքն իրեն համար բան մը
խնդրէր: Ճամբան գայլի մը կը հանդիպի.

—Ճամբադ բարի, մարդ-եղբայր, ո՞ւր կ’երթաս,- կը հարցնէ գայլը:

—Աստուծոյ մօտ,- կը պատասխանէ աղքատը,- տարտ ունիմ պատﬔլիք:

—Երբ որ հասնիս Աստուծոյ մօտ,- կը խնդրէ գայլը,- ըսէ որ շատ անօթի գայլ մը կայ,
գիշեր-ցերեկ սար ու ձոր կը պտըտի, ուտելու բան չի գտներ, հարցո՛ւր՝ ﬕնչեւ ե՞րբ
անօթի պիտի մնայ. ըսէ՛ եթէ զինք ստեղծեր ես, ինչո՞ւ ուտելիք չես հասցներ իրեն:

—Լա՛ւ,- կ’ըսէ մարդը եւ կը շարունակէ ճամբան: Շատ կ’երթայ թէ քիչ, կը հանդիպի
սիրուն աղջկայ մը:

—Ո՞ւր կ’երթաս, եղբայր,- կը հարցնէ աղջիկը:

—Աստծոյ մօտ:

—Երբ որ տեսնես Աստծուն,- կ’աղաչէ սիրուն աղջիկը,- ըսէ որ երիտասարդ, առողջ,
հարուստ աղջիկ մը կայ, բայց չի կրնար ուրախ ըլլալ, բախտաւոր զգալ ինքզինք. Ի՞նչ
պիտի ըլլայ անոր վիճակը:

—Կ’ըսեմ,- կը խոստանայ ճամբորդը եւ կ’երթայ ու կը հանդիպի ծառի մը, որ թէեւ
ջրափին կանգնած էր, բայց չոր էր:

—Ո՞ւր կ’երթաս, ով ճամբորդ,- կը հարցնէ չոր ծառը:

—Աստծոյ մօտ կ’երթամ:

—Կեցի՛ր, ես ալ ըսելիք մը ունիմ,- կը խնդրէ չոր ծառը,- Աստծուն կ’ըսես՝ այս ի՞նչ բան է, բուսեր եմ
զուլալ ջուրի ափին, բայց ամառ-ձﬔռ չոր կը մնամ, ե՞րբ պիտի կանաչիմ: Աղքատը այս
խնդրանքն ալ լսեց եւ շարունակեց ճամբան: Այնքան գնաց, ﬕնչեւ գտաւ Աստծուն:
Բարձր ժայռի մը տակ, ժայռին կռթնած, ծեր մարդու կերպարանքով նստած էր
Աստուած:

—Բարի օր,- ըսաւ աղքատը եւ կեցաւ Աստուծոյ առջեւ:

—Բարով եկար- պատասխանեց Աստուած,- ի՞նչ կ’ուզես:

—Այն կ’ուզեմ, որ բոլորին հաւասար նայիս, մէկուն աւար չտաս, մէկուն՝ խաւար, ես
այնքան կը տանջուիմ, այնքան կ’աշխատիմ, նորէն ալ չեմ կրնար կուշտ փորով հաց
գտնել. իսկ շատերը, որ իմ կէսիս չափ ալ չեն աշխատիր, հարուստ ու հանգիստ
կ’ապրին:

—Գնա,- Աստուած ըսաւ,- բախտ տուի քեզի, գնա՛ վայելէ՛…

—Դեռ բան ունիմ ըսելիք, Տէր,- ըսաւ աղքատը եւ պատﬔց անօթի գայլին, սիրուն աղջկան
եւ չոր ծառին խնդրանքները: Աստուած բոլորին ալ պատասխան տուաւ եւ աղքատը,
շնորհակալութիւն յայտնելով, հեռացաւ: Վերադարձին չոր ծառին հանդիպեցաւ:

—Ինծի համար Աստուած ի՞նչ ըսաւ,- հարցուց չոր ծառը:

—Ըսաւ՝ տակդ ոսկի կայ, ﬕնչեւ այդ ոսկին չհանեն, որ արմատներդ հողին հասնին, դուն
չես կանաչիր,- պատﬔց մարդը:

—Ալ ո՞ւր կ’երթաս. եկուր ոսկին հանէ, ինծի համար ալ լաւ կ’ըլլայ, քեզի համար ալ. դուն
կը հարստանաս, ես կը կանաչիմ:

—Չէ՜, ես ժամանակ չունիմ, կը շտապեմ,- պատասխանեց աղքա տը,- Աստուած ինծի
բախտ տուաւ, պէտք է երթամ բախտս գտնեմ, վայելեմ,- ըսաւ ու գնաց:
Հասաւ սիրուն աղջկան.

—Ի՞նչ լուր բերիր ինծի համար:

—Աստուած ըսաւ, որ պէտք է կեանքիդ ընկեր մը գտնես, այն ատեն տխուր չես ըլլար,
ուրախ ու երջանիկ կ’ապրիս:

—Եթէ այդպէս է, ուրեմն դո՛ւն եղիր իմ կեանքիս ընկերը:

—Չէ՜, կեանքիդ ընկեր ըլլաու ժամանակ չունիմ, Աստուած ինծի բախտ տուաւ, պէտք է
երթամ բախտս գտնեմ, վայելեմ,- ըսաւ աղքատը եւ հեռացաւ:
Անօթի գայլը ճամբուն վրայ կը սպասէր.

—Հը, Աստուած ի՞նչ ըսաւ:

—Եղբայր, Աստուծոյ քով գացած ատենս, քեզմէ յետոյ սիրուն աղջկայ մը եւ չոր ծառի մը
հանդիպեցայ. աղջիկն ապսպրեց, որ հարցնեմ թէ ինքը ինչո՞ւ չի կրնար ուրախ ապրիլ,
ծառն ալ՝ թէ ինչո՞ւ ինք գարուն ամառ չոր է: Աստծուն պատﬔցի, ըսաւ՝ աղջկան ըսէ
իրեն համար կեանքի ընկեր մը թող գտնէ, կը բախտաւորուի, ծառին ալ ըսէ՝ տակը ոսկի
կայ, պէտք է այդ ոսկիները հանեն, որ արմատները հողին հասնին եւ կանաչի: Եկայ
իրենց պատﬔցի. ծառն ըսաւ՝ դէ եկուր հանէ ոսկին տար, աղջիկն ալ թէ՝ ես քեզ
կ’ընտրեմ որպէս կեանքիս ընկեր: Ըսի՝ չէ՜, չեմ կրնար, Աստուած ինծի բախտ տուաւ,
պէտք է երթամ բախտս գտնեմ, վայելեմ:

—Իսկ ինծի համա՞ր ինչ ըսաւ Աստուած,- հարցուց գայլը:

—Քեզի համար ըսաւ՝ անօթի մնաս, ﬕնչեւ անխելք մարդ մը գտնես, ուտես, կշտանաս:

—Քեզմէ աւելի անխելք մարդ ուրկէ՞ գտնեմ, որ ուտեմ,- ըսաւ գայլը եւ կերաւ անխելք
աղքատին:

Рубрика: 2021-2022 ուստարի, Արևմտահայերեն, Ընթերցանություն, Իմ գրադարանը

Նախաճաշին անհրաժեշտութիւն

Բոլորիս ծանօթ է, որ աշակերտներ, երբ առտու կանուխ արթննան, ընդհանրապէս չեն ուզեր նախաճաշել եւ գրեթէ անօթի դպրոց կ’երթան, ուր հազիւ առաջին զբօսանքին է որ սանտուիչ մը կամ այլ բան կ’ուտեն։ Այս երեւոյթին պատճառները յստակ են. նախ՝ աշակերտներ կը նախընտրեն նախաճաշի ժամանակ չյատկացնել, փոխարէնը՝ քառորդ ժամ աւելի քնանալ, իսկ երկրորդ՝ աշակերտներ առաւօտ կանուխ ախորժակ չեն ունենար կանոնաւոր նախաճաշ ընելու։ Այս պատճառները հասկնալի են, սակայն եթէ գիտնաք թէ նախաճաշը որքա՛ն կարեւոր է, թերեւս մտածէք ձեր սովորութիւնը փոխելու մասին։ Սիրելինե՛ր, առաջին հերթին պէտք է գիտնաք, թէ ինչպէս որ ինքնաշարժը վառելանիւթի պէտք ունի աշխատելու համար, նոյնպէս ալ մարդկային մարմինը, յատկապէս ուղեղը, սնունդի պէտք ունի լաւ աշխատելու

համար։ Ենթադրենք թէ աշակերտ մը երեկոյեան ժամը 7-էն 8-ի միջեւ ընթրեց, եւ եթէ առտուն բան մը չկերաւ եւ սպասեց մինչեւ ժամը 10-ի զբօսանքը, իր ստամոքսը շուրջ 15 ժամ պարապ մնացած պիտի ըլլայ, իսկ մարմինն ալ՝ առանց անհրաժեշտ սնունդի։ Բնականաբար, այս երեւոյթը իր ժխտական անդրադարձը պիտի ունենայ աշակերտին առողջութեան վրայ, յատկապէս անոր կեդրոնացումին ու ըմբռնելու կարողութեան վրայ։ Ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան հետեւեալ երեւոյթները.

· Նախաճաշ ընող աշակերտներ երկար ժամանակ անօթի չեն զգար եւ աւելի լաւ կը կեդրոնանան դասերուն վրայ։

· Նախաճաշին սննդարար ուտելիքներ ուտող աշակերտները աւելի քիչ կը բացակային դպրոցէն:

· Նախաճաշին սննդարար ուտելիքներ ուտող աշակերտները աւելի քիչ կը փորձուին վնասակար բաներ ուտել, հետեւաբար յաւելեալ կշիռք ունենալու հարց կամ մտահոգութիւն չեն ունենար։

Ուրեմն, սիրելի՛ աշակերտներ, եթէ սովորաբար նախաճաշ չէք ըներ, ատենն է որ փորձէք փոխել այդ ոչ-առողջապահական սովորութիւնը եւ, նուազագոյնը, սննդարար ուտելիք մը ուտէք առտուները (թէկուզ պանան մը կամ խնձոր մը), նաեւ խմէք գաւաթ մը կաթ կամ պտուղի հիւթ։ Վստահ եղէք, որ ժամանակի ընթացքին պիտի տեսնէք նախաճաշին բարերար ազդեցութիւնը ձեր առողջութեան եւ, մանաւանդ, ձեր ուսումնական արդիւնքներուն վրայ։ Վերջապէս, կ’արժէ աւելցնել նորագոյն ուսումնասիրութեան մը արդիւնքը, որ առաջին հերթին կը շեշտէ կանուխ (Ժամը 7:30-էն առաջ) նախաճաշելու կարեւորութիւնը, սակայն կ’աւելցնէ, թէ ուշ նախաճաշելը աւելի լաւ է, քան

բնաւ նախաճաշ չընելը։ Նոյն ուսումնասիրութիւնը կ’ապացուցէ, որ նախաճաշ ընող անձերը ո՛չ միայն աւելի առողջ կ’ապրին, այլեւ՝ աւելի երկար։ Հետեւաբար, ծնողներ եւս, եթէ ունին նախաճաշ չընելու յոռի սովորութիւնը, պէտք է ջանան օրինակ հանդիսանալ իրենց զաւակներուն եւ սկսին սննդարար նախաճաշ ընել առաւօտները, որպէսզի իրենց զաւակներն ալ հետեւին իրենց օրինակին:

Արևմտահայերեն-Արևելահայերեն թարգմանություն

Մի փոքրիկ տղա դուրս եկավ դպրոցից-Փոքրիկ տղան մը դուրս ելավ դպրոցէն: 

Ես աշխատում եմ գործարանում-Ես կաշխատէմ գործարանի մեջ:

Մի թռչուն թռավ արտից-Թռչյուն մը թռավ արտէն:

Մի մարդ քարից մեծ գեղեցիկ տուն կառուցեց-Մարդ մը քարէն մեծ գեղեցիկ տուն շինեց:

Մի մեծ արջ ուտում էր անտառի հատապտուղներից-Մեծ արջ մը կուտէր անտառի հատապտուղներէն:

Հացից մի կտոր պոկեց և տվեց շանը-Հացէն կտոր մը պոկեց եւ տվեց շանը: 

Սովից քունը չէր տանում-Սովէն քունը չէր տանի:

Մի օր երեխաները դպրոց էին գնում-Օր մը երեխաները դպրոց կերթայն:

երբ տղաների մայրը խանութում էր, տեսնում է անկրկնելի գունագեղ նկար-Երբ տղաքի մայրը խանութի մեջ էր, կտեսնէ անկրկնելի գունագեղ նկար:

Մի օր նկարիչը աքաղաղ է նկարում, բայց մոռանում է գունավորել այն-Օր մը նկարիչը աքաղաղ կնկարէ, բայց կմորռնա գունավորել զայն:

Վարդագույն քաղաքում ահ ու սարսափ էր տարածվել-Վարդագույն քաղաքի մեջ ահ ու սարսափ էր տարածվել:

Ժամանակով մի մարդ ու մի կնիկ են լինում-Ժամանակով մարդ մը ու կնիկ մը կլինէն:

Անտառի ծառերից ոչ մեկը նրա հետ ընկերություն չէին անում-Անտառի ծառերէն ոչ մեկը անօր հետ ընկերություն չէր ըներ:

Նա իր ոտքի տակ սեղմել էր մի դեղնափայլ մետաղ ու կանչում էր-Նա իր ոտքի տակ սեղմել էր դեղնափայլ մետաղ մը ու կկանաչէր:

Рубрика: 2021-2022 ուստարի, Մայրենի, Արևմտահայերեն, Ընթերցանություն, Իմ գրադարանը

Իմ մօր ամենսիրելի երկու բաները


Իմ մօր համար ամենասիրելի բանը, բացի մեր ընտանիքեն , սիրամարգերն են-Իմ մայրիկի համար ամենասիրելի բանը, բացի մեր ընտանիքից դա սիրամարգերնն են:
Իմ մօր համար ամենասիրելի բանը, բացի մեր ընտանիքեն, իմ դասերն են:-Իմ մայրիկի համար ամենասիրելի բանը, բացի մեր ընտանիքից դա իմ դասերն են:

Рубрика: 2021-2022 ուստարի, Մայրենի, Արևմտահայերեն, Ընթերցանություն, Իմ գրադարանը

ԱՂԻ ՎԱՃԱՌՈՐԴԸ ԵՒ ԻՐ ԷՇԸ

Ժամանակին աղի վաճառորդ մը կար, որ մօտակայ քաղաքէն աղ կը գնէր եւ
պարկերը իշուն վրայ բեռցնելով կը ծախէր շուրջի գիւղերուն։ Ճամբուն վրայ կար
գետակ մը, ուրկէ կ’անցնէին։ Սակայն քանի որ կամուրջ չկար եւ ջուրն ալ խորունկ չէր,
գետակը կ’ացնէին ջուր մտնելով: Օր մը, մարդուն չար բախտէն, էշը կը սահի եւ ջուրին
մէջ կ’իյնայ։ Աղերուն մեծ մասը կը լուծուի ջուրին մէջ: Երբ էշը դարձեալ կը կանգնի, կը
զգայ, որ բեռը բաւական թեթեւցած է։
Այդ օրուընէ սկսեալ, ամէն անգամ որ էշը գետակէն պիտի անցնէր, կ’իյնար
ջուրին մէջ։ Վաճառորդը ի վերջոյ կը սկսի կասկածիլ, որ էշը դիտմամբ* կ’իյնայ՝ բեռը
թեթեւցնելու համար։ Ուրեմն կ’որոշէ անոր դաս մը տալ։ Յաջորդ քաղաք երթալուն,
աղի փոխարէն բամպակ կը գնէ ու կը բեռցնէ իշուն վրայ։ Էշը կը զգայ, որ բեռը աւելի
թեթեւ է, բայց կը մտածէ, որ եթէ դարձեալ ջուրը իյնայ, ա՛լ աւելի պիտի թեթեւնայ։
Ուստի, ըստ սովորութեան, դարձեալ կ’իյնայ ջուրին մէջ։ Բայց երբ կը փորձէ կանգնիլ,
բեռան ծանրութիւնը զինք կրկին վար կը ձգէ, որովհետեւ բամպակը ջուր ծծած եւ շատ
ծանրացած էր։ Վաճառորդը լաւ մը կը ծեծէ իշուն, մինչեւ որ կանգնի եւ այդ ծանրացած
բեռով քալէ։ Այդ օրուընէ սկսեալ, էշը կարելին կ’ընէ դարձեալ ջուրը չիյնալու։
Պատմուածքը ցոյց կու տայ, որ մեր գործը դիւրացնելու համար եթէ խաբէութեան
դիմենք, հետեւանքը գէշ կ’ըլլայ:

Մի վաճառորդ- վաճառորդ մը
Մոտակա — մօտակայ
Աղ կգներ —աղ կը գնէր
վրա —վրայ
գյուղերում-գիւղերուն
ծախում էր — կը ծախէր
մի գետակ — գետակն մը
որտեղ անցնում էին — ուրկէ կ’անցնէին
խոր-խորունկ
չար բախտ — չար բախտէն
սահում է-կը սահի
ջրի մեջ ընկավ-ջուրին մէջ կ’իյնայ
լցվումեն-կը լուծուի
դարձյալ-դարձեալ
կանգնում է-կը կանգնի՛
զգում է-կը զգայ
բավական-բաւական
թեթևացավ-թեթեւցած
երբ օրը սկսեց-օրուընէ սկսեալ
կընկներ-կ’իյնար

Рубрика: 2021-2022 ուստարի, Մայրենի, Արևմտահայերեն, Իմ գրադարանը

Անխելք մարդը արևմտահայերենով

Անխելք Մարդը
Ժամանակին աղքատ մարդ մը կար. որքան կ’աշխատէր, որքան կը չարչարուէր,
նորէն ալ նոյն աղքատը կը մնար: Յուսահատ, օր մը որոշեց երթալ Աստուծոյ մօտ եւ
հասկնալ, թէ ե՞րբ այս աղքատութենէն պիտի ազատէր, եւ ինքն իրեն համար բան մը
խնդրէր:
Ճամբան գայլի մը կը հանդիպի.Ճամբադ բարի, մարդ-եղբայր, ո՞ւր կ’երթաս,- կը հարցնէ գայլը:

Աստուծոյ մօտ,- կը պատասխանէ աղքատը,- տարտ ունիմ պատﬔլիք:

Երբ որ հասնիս Աստուծոյ մօտ,- կը խնդրէ գայլը,- ըսէ որ շատ անօթի գայլ մը կայ,
գիշեր-ցերեկ սար ու ձոր կը պտըտի, ուտելու բան չի գտներ, հարցո՛ւր՝ ﬕնչեւ ե՞րբ
անօթի պիտի մնայ. ըսէ՛ եթէ զինք ստեղծեր ես, ինչո՞ւ ուտելիք չես հասցներ իրեն:

Լա՛ւ,- կ’ըսէ մարդը եւ կը շարունակէ ճամբան: Շատ կ’երթայ թէ քիչ, կը հանդիպի
սիրուն աղջկայ մը:

Ո՞ւր կ’երթաս, եղբայր,- կը հարցնէ աղջիկը: — Աստծոյ մօտ:

Երբ որ տեսնես Աստծուն,- կ’աղաչէ սիրուն աղջիկը,- ըսէ որ երիտասարդ, առողջ,
հարուստ աղջիկ մը կայ, բայց չի կրնար ուրախ ըլլալ, բախտաւոր զգալ ինքզինք. Ի՞նչ
պիտի ըլլայ անոր վիճակը:

Կ’ըսեմ,- կը խոստանայ ճամբորդը եւ կ’երթայ ու կը հանդիպի ծառի մը, որ թէեւ
ջրափին կանգնած էր, բայց չոր էր:

Ո՞ւր կ’երթաս, ով ճամբորդ,- կը հարցնէ չոր ծառը: — Աստծոյ մօտ կ’երթամ: — Կեցի՛ր, ես
ալ ըսելիք մը ունիմ,- կը խնդրէ չոր ծառը,- Աստծուն կ’ըսես՝ այս ի՞նչ բան է, բուսեր եմ
զուլալ ջուրի ափին, բայց ամառ-ձﬔռ չոր կը մնամ, ե՞րբ պիտի կանաչիմ: Աղքատը այս
խնդրանքն ալ լսեց եւ շարունակեց ճամբան: Այնքան գնաց, ﬕնչեւ գտաւ Աստծուն:
Բարձր ժայռի մը տակ, ժայռին կռթնած, ծեր մարդու կերպարանքով նստած էր
Աստուած:

Բարի օր,- ըսաւ աղքատը եւ կեցաւ Աստուծոյ առջեւ:

Բարով եկար- պատասխանեց Աստուած,- ի՞նչ կ’ուզես:

Այն կ’ուզեմ, որ բոլորին հաւասար նայիս, մէկուն աւար չտաս, մէկուն՝ խաւար, ես
այնքան կը տանջուիմ, այնքան կ’աշխատիմ, նորէն ալ չեմ կրնար կուշտ փորով հաց
գտնել. իսկ շատերը, որ իմ կէսիս չափ ալ չեն աշխատիր, հարուստ ու հանգիստ
կ’ապրին:
Գնա,- Աստուած ըսաւ,- բախտ տուի քեզի, գնա՛ վայելէ՛…

Բարեկանդան արևմտահայերենով

Բարեկենդանը
Ժամանակին այր ու կին մը կային: Այս այրն ու կինը զիրար բնաւ չէին հաւներ:
Մարդը կնոջը կ’ըսէ յիմար, կինը՝ մարդուն, եւ ﬕշտ կը կռուէին: Օր մըն ալ մարդը իւղ
ու բրինձ կ’առնէ, մշակի մը շալակը կու տայ եւ տուն կը տանի:
Կինը կը բարկանայ.
Երբ որ կ’ըսեմ յիմար ես, չես հաւատար. այդքան իւղ եւ բրինձ ինչո՞ւ համար
առեր բերեր ես. հօրդ տարելի՞ցը կ’ընես, թէ՞ տղուդ հարսանիքը:
-Ի՞նչ տարելից, ի՞նչ հարսանիք, կնի՛կ, ի՞նչ կը խօսիս, տար պահէ,
բարեկենդանի համար է:
Կինը կը հանգստանայ եւ կը տանի կը պահէ մարդուն բերածները:
Ժամանակ կ’անցնի. կինը կը սպասէ ու կը սպասէ, բարեկենդանը չի գար: Օր
մըն ալ սեﬕ ն նստած կ’ըլլայ, կը տեսնէ մարդ մը, որ արագ-արագ փողոցէն կ’անցնի:
Ձեռքը ճակտին կը դնէ ու կը կանչէ.

Ախպէ՜ր, ախպէ՜ր, կեցիր:
Մարդը կը կենայ:

Ախպէ՜ր, բարեկենդանը դո՞ւն ես:
Անցորդը կը տեսնէ, որ այս կնկան ծալը պակաս է, կը մտածէ հա ըսեմ, նայիմ
ի՞նչ կ’ըլլայ:

Հա, ես եմ բարեկենդանը, քոյրիկ ջան, ի՞նչ կայ:

Ի՞նչ պիտի ըլլայ. ﬔնք քու ծառա՞դ ենք, որ քու իւղդ եւ բրինձդ պահենք. ինչքան
որ պահեցինք, չի՞բաւեր… չե՞ս ամչնար. .. ինչո՞ւ չես գար ապրանքդ տանելու…

Ինչո՞ւ կը բարկանաս, քոյրիկ ջան, ես ճիշդ ատոր համար եկեր եմ, ձեր տունը
կը փնտռէի, չէի գտներ:

Դէ եկուր տար:
Մարդը ներս կը մտնէ, իւղն ու բրինձը կը շալկէ, եւ կրցածին չափ արագ կը սկսի
վազել դէպի իրենց գիւղը:
Մարդը տուն կու գայ. կինը կ’ըսէ.

Հա, էդ բարեկենդանը եկաւ, իր բաները շալակը տու ի գնաց:

Ի՞նչ բարեկենդան … ի՞նչ բաներ …

Էդ իւղն ու բրինձը … մէկ ալ տեսայ վերէն կու գայ, ﬔր տունը կը փնտռէր, լաւ
մը խայտառակ ըրի, շալակը տուի տարաւ:

Վայ քու անխելք տունը քանդուի. երբ կ’ըսեմ յիմար ես, յիմար ես… ո՞ր կողմ
գնաց:

Էդ կողմ: Մարդը ձին կը նստի եւ բարեկենդանի ետեւէն կ’իյնայ: Ճամբուն վրայ
բարեկենդանը ետեւ կը նայի, կը տեսնէ որ ձիաւոր մը կու գայ. կը գիտնայ որ այդ կնոջ
ամուսինը ըլլալու է:
Կու գայ կը հասնի իրեն.

Բարի օր, ախպէրացու:

Աստծու բարին:

Այս ճամբայէն մէկը չանցա՞ւ:

Անցաւ:

Ի՞նչ կար շալակին:

Իւղ ու բրինձ:

Հա, ճիշդ այդ կ’ըսէի, որքա՞ն ժամանակ եղաւ անցնելուն:

Բաւական եղաւ:

Եթէ ձին քշեմ, կը հասնի՞մ:

Ինչպէ՞ս պիտի հասնիս, դուն ձիով, ինքը՝ ոտքով. ﬕնչեւ ձիդ չորս ոտքերը
փոխէ՝ մէկ, երկու , երեք, չո՜րս, ան երկու ոտքով՝ մէ՛կ-երկո՛ւ, մէ՛կ-երկո՛ւ, մէ՛կ-երկո՛ւ,
շու տ-շու տ կ’երթայ կ’անցնի:

Հապա ի՞նչ ընեմ:

Ի՞նչ պիտի ընես. կ’ու զես ձիդ քովս ձգէ, դուն ալ իրեն պէս ոտքով վազէ, թերեւս
հասնիս:

Հա՜, ճիշդ կ’ըսես:
Վար կ’իջնէ ձիէն, ձին կը ձգէ ասոր քով, եւ ոտքով ճամբայ կ’իյնայ: Կը հեռանայ
թէ չէ, բարեկենդանը շալակը կը բարձէ ձիուն, ճամբան կը շեղէ, կը քշէ: Մարդը ոտքով
կ’երթայ, կ’երթայ, կը տեսնէ չի հասնիր, ետ կը դառնայ: Ետ կը դառնայ, կը տեսնէ ձին
ալ չկայ: Տուն կու գայ եւ կրկին կը սկսին կռուիլ, մարդը՝ իւղ ու բրինձին համար, կինը՝
ձիու ն … Մինչեւ այսօր ալ այս այր ու կինը դեռ կը կռուին: Մարդը կնոջ կ’ըսէ յիմար,
կինը մարդուն կ’ըսէ յիմար, իսկ բարեկենդանը կը լսէ ու կը ծիծաղի:

Արծիւն ու հովիւը (Արևմտահայերեն)

1-ին մաս

Ամէն օր դասերէն յետոյ,  փորքրիկ Վաչիկը իրենց ուլիկները կը տանէր մօտակայ սար եւ կ’արածէր:

Երբ ուլիկները իրենց գլուխները կը ծռէին խոտ ուտելու, Վաչիկը իր գրպանէն կը հանէր գիրքը եւ կը սկսէր ընթերցել: Այդ օրը ուլիկներէն մէկը՝ Չալիկը, հեռացաւ հօտէն եւ գնաց ժայռի մը ետեւ խոտ ուտելու: Սակայն անմիջապէս վերադարձաւ:

— Մէէ՜….

Փոքրիկ հովիւը հասկցաւ, որ Չալիկը վախցած է, ուստի գնաց տեսնելու, թէ ինչ կար ժայռին ետեւը:

Տղան այնտեղ տեսաւ արծիւ մը՝ փորին վրայ փռուած, թեւերը լայն բացած: Անոր մէկ թեւէն արիւն կը հոսէր:

Փոքրիկ հիվիւը անմիջապէս կապեց վէրքը, եւ արծիւին պառկեցուց խոտին վրայ: Արծիւը բացաւ կտուցը. ծարաւ էր:  Վաչիկը ջուր տուաւ անոր եւ քնքուշօրէն շոյեց գլուխը, թեւերը: Ան մէկ շաբաթ խնամեց արծիւին: Արծիւին վէրքը բուժուեցաւ: Եւ օր մը ան լայն բացաւ թեւերը ու սաւառնեցաւ դէպի երկինք:

2-րդ մաս

-Կը ճախրի՜,- ծափ տուաւ Վաչիկը:

— Մէ՜,մէ՜, մէ՜,- ուրախացան ուլիկները:

Չալիկը մօտեցած էր հովիւին եւ կը քսուէր անոր ոտքերուն.ան եւս ուրախ էր:

Անկէ յետոյ Վաչիկը երբեմն սեւ կէտ մը կը տեսնէր երկինքը:

-Գիտե՞ս, Չալիկ,- ժպտելով կ’ըսէր ան ,- արծիւն է. կը հսկէ մեզ. արծիւը սրատես է:

Ամառ էր: Ուլիկները նորէն կ’արածէին, իսկ Վաչիկը մուշ-մուշ քնացած էր փափուկ խոտերուն վրայ: Յանկարծ աղմուկ մը լսուեցաւ, կարծես գաւազանով ժայռին կը զարնէին:

Վաչիկը աղմուկէն արթնցաւ ու շուրջը նայեցաւ.ժայռին վրայ ահագին օձ տեսաւ, որուն գլուխը ջախջախուած էր: Յետոյ տեսաւ արծիւը, որ կտուցը կը սրփէր խոտերուն.ան ամէն ինչ հասկցաւ…

Վաչիկը գրկեց արծիւը ու շոյեց անոր թեւերը, մէջքը…

Իսկ Չալիկը կը մայէր.

-Մէ՜, մէ՜….

Բառեր

Ուստի.- հետեւաբար, այն պատճառով:

Քնքուշօրէն.- նրբօրէն, քնքուշ.-փափուկ:

Խնամել.- հոգ տանիլ:

Սաւառնիլ.-թեւերը լայն բացած թռչիլ:

Ճախրիլ.- պտոյտներ կատարելով թռչիլ:

Սրատես.-  սուր տեսողութիւն ունեցող, հեռատես:

Ջախջախել.- զօրաւոր հարուածով
                      (զարնելով) փշրել: