1-ին մաս
Ամէն օր դասերէն յետոյ, փորքրիկ Վաչիկը իրենց ուլիկները կը տանէր մօտակայ սար եւ կ’արածէր:
Երբ ուլիկները իրենց գլուխները կը ծռէին խոտ ուտելու, Վաչիկը իր գրպանէն կը հանէր գիրքը եւ կը սկսէր ընթերցել: Այդ օրը ուլիկներէն մէկը՝ Չալիկը, հեռացաւ հօտէն եւ գնաց ժայռի մը ետեւ խոտ ուտելու: Սակայն անմիջապէս վերադարձաւ:
— Մէէ՜….
Փոքրիկ հովիւը հասկցաւ, որ Չալիկը վախցած է, ուստի գնաց տեսնելու, թէ ինչ կար ժայռին ետեւը:
Տղան այնտեղ տեսաւ արծիւ մը՝ փորին վրայ փռուած, թեւերը լայն բացած: Անոր մէկ թեւէն արիւն կը հոսէր:
Փոքրիկ հիվիւը անմիջապէս կապեց վէրքը, եւ արծիւին պառկեցուց խոտին վրայ: Արծիւը բացաւ կտուցը. ծարաւ էր: Վաչիկը ջուր տուաւ անոր եւ քնքուշօրէն շոյեց գլուխը, թեւերը: Ան մէկ շաբաթ խնամեց արծիւին: Արծիւին վէրքը բուժուեցաւ: Եւ օր մը ան լայն բացաւ թեւերը ու սաւառնեցաւ դէպի երկինք:
2-րդ մաս
-Կը ճախրի՜,- ծափ տուաւ Վաչիկը:
— Մէ՜,մէ՜, մէ՜,- ուրախացան ուլիկները:
Չալիկը մօտեցած էր հովիւին եւ կը քսուէր անոր ոտքերուն.ան եւս ուրախ էր:
Անկէ յետոյ Վաչիկը երբեմն սեւ կէտ մը կը տեսնէր երկինքը:
-Գիտե՞ս, Չալիկ,- ժպտելով կ’ըսէր ան ,- արծիւն է. կը հսկէ մեզ. արծիւը սրատես է:
Ամառ էր: Ուլիկները նորէն կ’արածէին, իսկ Վաչիկը մուշ-մուշ քնացած էր փափուկ խոտերուն վրայ: Յանկարծ աղմուկ մը լսուեցաւ, կարծես գաւազանով ժայռին կը զարնէին:
Վաչիկը աղմուկէն արթնցաւ ու շուրջը նայեցաւ.ժայռին վրայ ահագին օձ տեսաւ, որուն գլուխը ջախջախուած էր: Յետոյ տեսաւ արծիւը, որ կտուցը կը սրփէր խոտերուն.ան ամէն ինչ հասկցաւ…
Վաչիկը գրկեց արծիւը ու շոյեց անոր թեւերը, մէջքը…
Իսկ Չալիկը կը մայէր.
-Մէ՜, մէ՜….
Բառեր
Ուստի.- հետեւաբար, այն պատճառով:
Քնքուշօրէն.- նրբօրէն, քնքուշ.-փափուկ:
Խնամել.- հոգ տանիլ:
Սաւառնիլ.-թեւերը լայն բացած թռչիլ:
Ճախրիլ.- պտոյտներ կատարելով թռչիլ:
Սրատես.- սուր տեսողութիւն ունեցող, հեռատես:
Ջախջախել.- զօրաւոր հարուածով
(զարնելով) փշրել: